«Նոր Յառաջ»-1799-ի ձայնագրեալ լրահոսը 03 Նոյեմբեր 2022 - a podcast by Chake Grogan Շաքէ Մանկասարեան

from 2022-11-02T06:41:19

:: ::


  • Մարսիլիոյ Համազգայինի Ճեմարանը մեծ շուքով կատարեց նոր շէնքի հիմնարկէքը  370.000 եւրօ` ի նպաստ նոր շէնքի շինութեան:

  • Փարիզի արուարձաններէն Իսի-լէ-Մուլինոյի մէջ ստորագրուեցաւ պայմանագիր մը, ըստ որուն՝ տեղւոյն քաղաքապետութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանսին կը շնորհէ նորակերտ մարզական համալիր, բաղկացած՝ պասքեթպոլի դաշտէ, ժողովասրահներէ, ճաշարանէ, 400 հոգինոց սրահէ եւ տարբեր խաղավայրերէ։ Պայմանագիրը քաղաքապետ Պրն Անտրէ Սանթինիի եւ Հ.Մ.Ը.Մ. Ֆրանսի վարչութեան միջեւ ստորագրուեցաւ 99 տարուան համար եւ վերանորոգուելու պայմանով։

  • Հայագէտ, պատմաբան Արմէն-Գլօտ Մութաֆեան  պարգեւատրուած է «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով : «Մեսրոպ Մաշտոց» հին ձեռագրերու գիտահետազօտական հիմնարկին (Մատենադարան) մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկին, ԿԳՄՄ նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է Մութաֆեանին՝ իր կատարած աշխատանքին համար, եւ շնորհաւորած վերջինիս ծննդեան 80-րդ տարեդարձը։ Մութաֆեան շնորհակալութիւն յայտնած է պարգեւին համար եւ ներկաներուն պատմած «Երուսաղէմը եւ Հայերը» գիրքի ստեղծման գաղափարին մասին: “Հատորը նուիրուած է հայկական Երուսաղէմին. հոն ներկայացուած են 5-րդ դարէն սկսեալ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանին եւ Սուրբ քաղաքին մէջ պահուող հայկական մասունքները, Երուսաղէմի տարբեր եկեղեցիներու մէջ պահպանուող հայատառ խճանկարները, Կիլիկիոյ թագաւորներու արժէքաւոր

  • գաւազաններ, Սալահէտտինին վերագրուող արտօնագիրը եւ այլն”:

  • Լոյս տեսած է Չարենցի բանաստեղծութիւններու երկլեզու (հայերէն-ֆրանսերէն) ժողովածուն:





---

Send in a voice message: https://podcasters.spotify.com/pod/show/radioayk/message

Further episodes of RADIO AYK

Further podcasts by Chake Grogan Շաքէ Մանկասարեան

Website of Chake Grogan Շաքէ Մանկասարեան